Միացեալ Նահանգներ մտադիր է Ուքրանիոյ օգնութիւն ցոյց տալ այնքան, որքան կը պահանջուի Քիեւին, յայտարարած է ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն:
«Մենք անոնց հետ պիտի մնանք այնքան երկար, որքան անոնց անհրաժեշտ ըլլայ մեր օգնութիւնը»,-ըսած է ան CBS հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ, որ եթեր դուրս եկած է 18 սեպտեմբերին, կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը:
ԱՄՆ-ի վարչակազմի ղեկավարի կարծիքով՝ Ուքրանիոյ մէջ իրադրութեան զարգացումը ցոյց տուաւ, որ «Ռուսիա չունի այն գիտելիքներն ու փորձը եւ հնարաւորութիւնները, որ կը կարծէին շատերը», սակայն վնասը, որ կը հասնի Ուքրանիոյ շուրջ իրադրութենէն, «հազիւ թէ կարելի Է համարել» Քիեւի «յաղթանակը»: