ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն դէմ արտայայտուած է Ռուսիան՝ ահաաբեկչութեան հովանաւոր երկիրներու ցանկին մէջ ներառելուն։ Ինչպէս գրած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն, ԱՄՆ առաջնորդը լրագրողներու հետ կարճատեւ հանդիպում ունեցած է Ուաշինկթըն վերադառնալէ ետք։
«Ոչ»,- ըսած է Պայտըն՝ պատասխանելով լրագրողներու համապատասխան հարցին, որմէ ետք ժպտացած է եւ այլեւս չէ պատասխանած որեւէ այլ հարցի։
Աւելի վաղ, ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Ճիմ Օ' Պրայըն յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նման կարգավիճակ տալը կրնայ բացասաբար անդրադառնալ հացահատիկի շուրջ համաձայնութեան վրայ։
Յիշեցնենք, որ 28 յուլիսին, ԱՄՆ Սենատը բանաձեւ ընդունած է, որով Արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ ըրած էր ճանչնալու Ռուսաստանը որպէս «ահաբեկչութեան հովանաւոր երկիր»։ Որպէս համապատասխան նախաձեռնութեան ընդունման գործօն նշուած են Վրաստանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները։
11 Օգոստոսին Լաթվիայի Սեյմը Ռուսիան պաշտօնապէս հռչակած է «ահաբեկչութեան պետական հովանաւոր»։ Երկրի խորհրդարանը կը կարծէ, որ Մոսկուան երկար տարիներ ուղղակի եւ անուղղակիօրէն կ'աջակցի եւ կը ֆինանսաւորէ ահաբեկչական ռեժիմները։