image

Ռուսաստանի մէջ մասնակի զօրահաւաք. Այդ մասին յայտարարած է Փութին

Ռուսաստանի մէջ մասնակի զօրահաւաք. Այդ մասին յայտարարած է Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին տեղեկացուցած է, որ Ռուսիոյ մէջ պիտի յայտարարուի մասնակի զօրահաւաք։ Ան այս յայտարարութիւնն ըրած է ռուսաստանցիներուն յղած ուղերձին մէջ, որ ցուցադրուած է 21 սեպտեմբերի առաւօտեան։

«Մեր հայրենիքի եւ անոր ամբողջականութեան պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ կը համարեմ մասնակի զօրահաւաքի յայտարարումը»,-ըսած է նախագահը։

Զինակոչի ենթակայ պիտի ըլլան միայն այն քաղաքացիները, որոնք պահեստի մէջ են եւ, նախ եւ առաջ, անոնք, որոնք ծառայած են զինուած ուժերու շարքերուն մէջ, ունին որոշակի զինուորական-հաշուառման մասնագիտութիւններ եւ համապատասխան փորձ։ Զինծառայութեան կոչուածները զօրամասեր մեկնելէ առաջ պարտադիր լրացուցիչ զինուորական պատրաստութիւն պիտի անցնին։

Ինչպէս նշած է Փութին քաղաքացիներուն յղած իր ուղերձին մէջ, մասնակի զօրահաւաքի միջոցն ընդունուած է Ռուսիոյ, անոր ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան եւ ռուս ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման համար։

«Պաշտպանական ձեռնարկութիւններու նիւթական, ռեսուրսային եւ ֆինանսական ապահովման բոլոր հարցերն անայապաղ պէտք է լուծուին կառավարութեան կողմէ»,- կարգադրած է Փութին։

Պետութեան ղեկավարը յիշեցուցած է Արեւմուտքի բացայայտ հակառուսական քաղաքականութեան եւ երկիրը ոչնչացնելու Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի ձգտման մասին։ Ան նշած է, որ Ռուսիան իր պաշտպանութեան համար պիտի օգտագործէ գոյութիւն ունեցող բոլոր միջոցները։

Նախօրէին Տուման ընդունած էր փոփոխութիւններ, որոնք կը պարզեցնեն այն օտարերկրացիներու համար քաղաքացիութիւն ստանալը, որոնք պայմանագիր կնքած են ռուսական բանակին մէջ զինուորական ծառայութիւն անցնելու համար։

Բացի այդ, Տուման հաւանութիւն տուած է Քր.օր.-ի մէջ «զօրահաւաք», «ռազմական դրութիւն», «ռազմական ժամանակ», «զինուած հակամարտութիւն» հասկացութիւնները մտցնելու մասին։ Խորհրդարանի ստորին պալատը նաեւ հաստատած է դասալքութեան եւ կամաւոր գերի յանձնուելու համար պատժելու մասին փոփոխութիւնները։