image

Ռուսաստան մշտապէս լուծումներ կ'որոնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հարցերուն. Լաւրով

Ռուսաստան մշտապէս լուծումներ կ'որոնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հարցերուն. Լաւրով

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վիճելի հարցերու կայուն լուծումներու որոնումը կը շարունակէ մնալ Ռուսաստանի ուշադրութեան կեդրոնին։

Այս մասին Ռուսաստանի Դաշնային ժողովի Դաշնութեան խորհուրդին մէջ ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ 

«Ռուսաստանը յստակ ներդրում ունի նման ճգնաժամերու կարգաւորման գործին մէջ։ Ասոնք են ահաբեկիչներուն յաղթելու եւ Սուրիոյ մէջ քաղաքական երկխօսութեան խթանման մեր ջանքերը, ինչպէս նաեւ առանցքային դերը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ վիճելի հարցերու կայուն լուծումներ գտնելու գործին մէջ», ըսած է ան։