image

Ռուս զօրավարը ստանձնած է իր պարտաւորութիւնները

Ռուս զօրավարը ստանձնած է իր պարտաւորութիւնները

Զօրավար-մայոր Քիրիլ Քուլաքովը նշանակուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար։ Յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Ըստ հաղորդագրութեան՝ ան հրամանատարութիւնը ստանձնած է 2023 թուականի 3 սեպտեմբերէն։

Քուլաքովը 2017 թուականի մարտէն ծառայած է որպէս Քազանի բարձրագոյն ռազմական հրամանատարական դպրոցի ղեկավար։

Ան փոխարինած է Ալեքսանտր Լենցովը, որ այս պաշտօնին նշանակուած էր ապրիլին։