image

Ռուս յայտնի պլոկըրի ամուսնութիւնը՝ Երեւանի մէջ

Ռուս յայտնի պլոկըրի ամուսնութիւնը՝ Երեւանի մէջ

Յայտնի պլոկըր, «Belong» թուային գործակալութեան հիմնադիր եւ DJ Քսենիա Տուքալիսը Քսենիա Սոպչակի հետ հարցազրոյցի ժամանակ բացայայտած է առաջիկայ հարսանիքի մասին որոշ մանրամասներ։

«Մենք տուն եկանք, իմ ընտրեալը բացաւ դուռը եւ մեզի դիմաւորելու եկաւ կատուն։ Ես անոր գրկեցի, սկսայ շոյել, նկատեցի, որ անոր վիզին մատանի ամրացուած է։ Այդպէս ան ինծի առաջարկութիւն ըրաւ, մենք զանգեցինք ծնողներուն եւ «ֆէյսթայմ»ով քոնեակ խմեցինք միասին։ Հարսանիքը պիտի կայանայ 19 օգոստոսին փեսացուիս հարազատ երկրին` Հայաստանի մէջ», - պատմած է Տուքալիսը։

Պլոկըրը Իսրայէլ գացած է Ուքրանիոյ մէջ յատուկ գործողութեան մեկնարկէն ետք։ Հեռուստահաղորդավարուհի Քսենիա Սոպչաքի հետ հարցազրոյցի ժամանկ ան նաեւ պատմած է, թէ ինչու որոշած է վերադառնալ։

«Կը մտածէի, որ կ'ուզեմ տեղ մը երթալ, բայց 24 փետրուարէն ետք հասկցայ՝ անպայման պէտք է այդ մէկը ընեմ։ Այս ամէնը սկսաւ շատ անհանգստացնել զիս։ Ես տեղափոխուելու ցանկութիւն չունէի։ Յոյսով եմ, որ ես երբեք ստիպուած չեմ ըլլար տեղափոխութեան», - նշած է Քսենիան: