Գտնուելով ամբողջական շրջափակման մէջ՝ Արցախի ժողովուրդը կանգնած է թերսնուցման, սովի, Ատրպէյճանի կողմէ անթաքոյց իրականացուող էթնիք զտման սպառնալիքի ներքոյ։ Այս մասին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ համաժողովրդական հանրահաւաքին ըսած է Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը։
Պաշտպանը իր ելոյթին մէջ դիմած է միջազգային հանրութեան։
«Դիմում եմ միջազգային հանրութեանը, ասում էք՝ մարդու իրաւունքներ, ուրեմն, ասէ՞ք ես ինչպէ՞ս նայեմ այս ժողովրդի աչքերին եւ ասեմ, որ իրենք էլ ունեն իրաւունքներ։ Ես ինչպէ՞ս նայեմ թերսնուող յղի կնոջ աչքերին, որի երեխան կարող է արատներով ծնուել, ես ինչպէ՞ս նայեմ այն մայրերի աչքերին, որոնց երազանքն իրենց երեխաների համար մի բուռ միրգ կամ քաղցրաւենիք հայթայթելն է»,- նշած է Ստեփանեանը։
Պաշտպանը միջազգային հանրութեան կոչ ըրած է միայն մերկապարանոց յայտարարութիւներ չհնչեցնել, մինչեւ անոնք մտագոհութիւններ կը յայտնեն, 120 000 մարդ կ'ենթարկուի անմարդկային զրկանքներու։
Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը դիմած է նաեւ ռուս խաղապահներուն, որոնց եռակողմ յայտարարութեամբ վերապահուած է Արցախի ժողովուրդի կեանքի իրաւունքի եւ ֆիզիքական գոյութեան պահպանման հիմնական երաշխաւորի դերը։
«Մեզ խաղաղութիւն էր խոստացուել։ Խաղաղութիւնն ամէն օր հրադադարի ռեժիմի խախտումներն արձանագրելը չէ։ Խաղաղութիւնը սեփական հայրենիքում պատանդառուած լինելը չէ։ Տէ՛ր կանգնէք ձեր մանդատին՝ ապահովելու իրական խաղաղութիւն»,- յայտարարած է Գեղամ Ստեփանեանը։