Երկուշաբթի, 6 Սեպտեմբերէն մինչեւ Ուրբաթ, 10 Սեպտեմբեր, Դպրեվանքի աւանդութեան համաձայն, դպրեվանեցիները իրենց առօրեան անցուցին Դպրեվանքի այգիին մէջ, խաղող ու խնձոր հաւաքելով եւ ռուպ պատրաստելով։
Ռուպի պատրաստութեան աշխատանքները գլխաւորեց Ս. Աստուածածին Վանքի վանահայր Գերպ. Տ. Շնորհք Ծ. Վրդ. Աշըգեանը։ Դպրեվանեցիները ուրախութեամբ, աղօթքներով, շարականներով, ժողովրդային եւ հայրենասիրական երգերով յիշատակելի շաբաթ մը անցուցին։

