image

Ռուբէն Վարդանեան. Դէմ եմ ամբոխավարութեան

Ռուբէն Վարդանեան. Դէմ եմ ամբոխավարութեան

Արցախի մէջ առաջնահերթ պէտք է լուծել անվտանգութեան, տնտեսական զարգացման եւ սուբյեկտութեան (ինքնիշխանութեան) հարցը։ Այս մասին 5 հոկտեմբերին, լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է գործարար Ռուբէն Վարդանեան, որ Արցախի նախագահի կողմէ առաջարկ ստացած է զբաղցնելու Արցախի պետական նախարարի պաշտօնը։

«Պէտք է միասին հասկանանք՝ ինչպէս ենք այս խնդիրները լուծելու»,–ըսած է Ռուբէն Վարդանեանը՝ չշտապելով ըսել, թէ ինչ սենար կայ այդ խնդիրները լուծելու համար։

«Պոպուլիստական բաներ չեմ ուզում ասել, մի քիչ սպասէք»,– նշած է Ռուբէն Վարդանեանը։

Յիշեցնենք՝ 4 հոկտեմբերին, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Ռուբէն Վարդանեանին առաջարկած է ստանձնել Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի պաշտօնը:

Գործարար Ռուբէն Վարդանեանն ալ դիմատետրեան գրառում ըրած էր, որուն մէջ նշած էր, որ պատրաստ է ընդունելու Արցախի պետական նախարարի պաշտօնն ստանձնելու առաջարկը, եթէ իրենց կողմէ առաջարկուելիք մօտեցումներն ու որոշումները լայն աջակցութիւն ունենան:

 

Մանրամասները՝ տեսանիւթին մէջ։