Ինտոնեզիոյ մէջ կայացող սամպոյի պատանիներու եւ երիտասարդներու աշխարհի առաջնութեան 58 քկ քաշային կարգի եզրափակիչ գօտեմարտին Ռոպերթ Սիմոնեանը 5։2 հաշուով յաղթած է Տաճիկստանի ներկայացուցիչ Անուշերվոն Նազառտոզային եւ հռչակուած սամպոյի երիտասարդներու աշխարհի ախոյեան։
Այս մասին յայտնած են Հայաստանի սամպոյի ֆետերացիայէն: