image

Քըլըչտարօղլուն կրնայ մինչեւ հարիւր տարուան բանտարկութեան պատիժի ենթարկուիլ

Քըլըչտարօղլուն կրնայ մինչեւ հարիւր տարուան բանտարկութեան պատիժի  ենթարկուիլ

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ եւ նախագահի նախկին թեկնածու Քեմալ Քըլըչտարօղլուին կը սպառնայ բանտարկութիւն ու քաղաքական արգելք՝ իր դէմ ներկայացուած 28 դատական գործերու հետեւանքով։ Այս մասին գրած է Cumhuriyet թերթը:

«Նախապէս շարք մը դատական գործեր կասեցուած էին Քըլըչտարօղլուի անձեռնմխելիութեան առկայութեան պատճառով, այժմ ատոնք պիտի վերանայուին»,- գրած է թերթը։

Քաղաքական գործչի փաստաբան Ճելալ Չելիքի խօսքով՝ իր պաշտպանեալի դէմ 28 հայց ներկայացուած է, այլ ոչ թէ 18, ինչպէս հաղորդած է Anadolu գործակալութիւնը։

Յօդուածին մէջ պարզաբանուած է, որ ատոնց մեծ մասին մէջ հայցուորը Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանն է։

Այսպիսով, 2021 թուականին ան դատական հայց ներկայացուցած էր Քըլըչտարօղլուի դէմ, երբ վերջինս մեղադրեց թուրք առաջնորդը ստելու համար։

2017 թուականին ընդդիմութեան առաջնորդը գործող նախագահը համեմատած էր Սատամ Հիւսէյնի, Մուամար Քատաֆիի եւ Չաուշեսքուի հետ։ Շատ պարագաներու նախկին թեկնածուին կը սպառնայ մինչեւ 4 տարուան ազատազրկում, ընդհանուր առմամբ բոլորի համար՝ 110 տարուան ազատազրկում։

Միեւնոյն ժամանակ, Քըլըչտարօղլուի պաշտպանը կը կարծէ, որ սա տեղի չունենար, եւ եթէ քրէական գործեր յարուցուին, ապա քաղաքական խումբը մտադիր է «մարտահրաւէր նետել»։