image

«Քովիտ»ի թիւերը կը մնան բարձր. Մահացած է 56 վարակակիր

«Քովիտ»ի թիւերը  կը մնան բարձր. Մահացած է 56  վարակակիր

Հայաստանի մէջ 5 Նոյեմբերի դրութեամբ «Քովիտ»ով վարակուելու 1835 նոր դէպք արձանագրուած է, վարակուածների ընդհանուր թիւը հասած է 316.839 դէպքի: 

Ընդհանուր քննութիւններու թիւը կը կազմէ 2.157.442, իսկ վերջին մէկ օրուան մէջ` 11.533 նոր քննութիւն:

Փաստացի այս պահին բուժում կը ստանայ 32.069 բուժառու:

Վերջին տուեալներով ապաքինած է 276.865 անձ, վերջին մէկ օրուայ մէջ՝ 1987 անձ:

Մէկ օրուայ մէջ «Քովիտ»ի հետեւանքով մահացած է 50 քաղաքային, մահացածներուն ընդհանուր թիւը 6582 է:

Արձանագրուած է մահուան 6 դէպք, երբ բուժառուին մօտ հաստատուած է վարակը, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով: Այդպիսի դէպքերուն ընդհանուր թիւը 1323 է: