image
Հրատապ լուրեր:

Քոչարեանի Մոսկուա այցը չեղարկուած

Քոչարեանի Մոսկուա այցը չեղարկուած

Ռուսաստանի իշխող կուսակցութիւնը՝ «Ետինայա Ռոսիա»ն, շուրջ մէկ շաբաթ առաջ Մոսկուա այցելելու հրաւէր ուղարկած էր «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին։

Այս մասին «Հայաստան» դաշինքի տարածած յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Կ'ակնկալուէր, որ 19 Սեպտեմբերին մեկնարկող այցի ընթացքին ռուսական կողմին հետ քննարկուէին ոչ միայն միջկուսակցական համագործակցութեան, այլեւ լայն շրջանակի այլ հարցեր։ Սակայն ՀՀ Առաջին ատեանի դատարանը մերժեց արտօնել Ռոպերթ Քոչարեանի մեկնումը արտերկիր։ Մենք պարտադրուած ենք չեղարկելու այցը։ Դատարանին կողմէ մերժման որեւէ իրաւական պատճառ չկար, քանի որ նախագահ Քոչարեանը արդէն քանի մը անգամ մեկնած է Մոսկուա, եւ դատարանը որեւէ խնդիր չէ արձանագրած։ Ականատեսն ենք դատարանի վրայ իշխանութեան հերթական ճնշման, որ ուղղուած է «Հայաստան» դաշինքի քաղաքական գործունէութեան սահմանափակման: Տեղի ունեցողը կը գնահատենք որպէս իշխանութեան նեղ անձնական քինախնդրութեան հերթական դրսեւորում եւ պետական մտածելակերպի կատարեալ բացակայութեան նոր ապացոյց»: