Ռուսիոյ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը սուտ որակած է այն տեղեկատւութիւնը, որ Վլատիմիր Փութինը 2021 թուականին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կառավարման ժամկէտի աւարտէն ետք եօթ անգամ հեռախօսով խօսած է անոր հետ։
Աւելի վաղ այս տեղեկութիւնը տարածուած էր ամերիկացի լրագրող Պոպ Ուտուըրտի «Պատերազմ» գիրքէն։
«Սա տիպիկ կեղծ պատմութիւն է քաղաքական նախընտրական արշաւի պարունակի մէջ», -ըսած է Փեսքովը The New York Times-ին:
Պոպ Ուտուըրտը The Washington Post-ի խմբագիր էր: Ան նաեւ աշխատած է «Ուոթըրկէյթ»-ի սքանտալի հետաքննութեան վրայ, որ յանգեցուցած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռիչարտ Նիքսընի հրաժարականին: Ուտուըրտի «Պատերազմ» նոր գիրքը լոյս պիտի տեսնէ հոկտեմբերին, սակայն որոշ ամերիկացի լրագրողներ արդէն տեսած են այն։