image

Քլաար սիրողական գործիչ է. Արտակ Բեգլարեան կրակ կը բանայ եւրոպացի գործիչին դէմ

Քլաար սիրողական գործիչ է. Արտակ Բեգլարեան կրակ կը բանայ եւրոպացի գործիչին դէմ

Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան իր թուիթըրեան էջին մեկնաբանած է մարտ 5-ին ատրպէյճանական ներթափանցման Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի տուած արձագանգը՝ իր անվստահութիւնը յայտնելով Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական միութեան յատուկ ներկայացուցչի հանդէպ։

«Իմ անվստահութիւնն ու կասկածները Տոյվո Կլաարի նկատմամբ աւելի են խորանում Ադրբեջանի յանցագործութեանը նրա տուած արձագանգի պատճառով: Նա կամ սիրողական դիւանագէտ է, կամ ադրբեջանական ուղեղի լուացման տակ է, կամ կոռումպացուած պաշտօնեայ է, կամ ունի Եւրոպական արժէքների, շահերի եւ մարդու իրաւունքների շեղուած ընկալումներ: Բոլոր չորս տարբերակների դէպքում էլ փոփոխութիւններ են պէտք», - գրած է ան։

Յիշեցնենք, որ Քլաար նախօրէին Twitter-ի իր էջին գրած էր. «Ես վերադարձ Պաքու. անհամբեր կը սպասեմ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ առարկայական բանակցութիւններուն՝ Միւնիխի հանդիպումներէն ետք խաղաղ գործընթացը առաջ մղելու համար։ Այսօրուան մահացու միջադէպը կ'ընդգծէ կայունութեան եւ արդար խաղաղութեան հասնելու համար բանակցութիւններուն մէջ առաջընթացի կարեւորութիւնը»: