Քեսապի Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Միքայէլ» եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն կը կարդանք՝
Քեսապի Հայ Կաթողիկէ «Բարեյուսոյ Վարժարանի» տնօրէնութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Քեսապաբնակ Գաթթան ընտանիքին, իրենց նիւթական նուիրատութեան համար որ կատարեցին վարժարանիս ուսուցչակազմին, ուսուցիչներու տօնին առթիւ, որպէս գնահատանք վարժարանիս տարած ծառայութիւններուն իրենց զաւակներուն։