Թուրք յայտնի իրաւապաշտպան, գործարար, Anadolu kultur ՀԿ-ի նախագահ՝ Օսման Քաւալային ստորագրութեամբ ազատ արձակելու միջնորդութիւնը մերժուած է դատարանի կողմէ։
Թրքական Cumhuriyet–ի հաղորդմամբ՝ Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու գործերով 14–րդ դատարանը քննած է Օսման Քաւալան ազատ արձակելու միջնորդութիւնը, սակայն մերժած է զայն։ Յաջորդ դատական նիստը նշանակուած է 17 Յունուարին։
Կը նշուի, որ ՄԻԵԴ–ի որոշումով Օսման Քաւալայի կալանքը անօրինական է եւ պէտք է ազատ արձակուի, սակայն թրքական դատարանը անընդհատ կը հրաժարի ազատ արձակել Օսման Քաւալան։
Օսման Քաւալան կը մեղադրեն ռազմական յեղաշրջման փորձ կատարելու եւ օտարերկրեայ լրտես ըլլալու մէջ։ Ան արդէն 4 տարիէն աւելի է, որ կալանքի տակ է։