image

Քաթար կ'արգիլէ խաչակիրներու հանդերձանքով մարզադաշտ մտնելը (Լուսանկարներ)

Քաթար կ'արգիլէ խաչակիրներու հանդերձանքով մարզադաշտ մտնելը (Լուսանկարներ)

Անգլիոյ Ֆութպոլի ազգային հաւաքականի երկրպագուներուն Քաթարի մէջ աշխարհի առաջնութեան ծիրէն ներս թոյլ չեն տուած Անգլիա-Իրան հանդիպումէն առաջ մարզադաշտ մտնել խաչակիրներու հանդերձանքով:

Ինչպէս կը գրէ Daily Mail-ը, ոստիկանները անոնց թոյլ չեն տուած այդ տեսքով մարզադաշտ մտնել՝ պատճառաբանելով, որ խաչակիրներու կերպարը վիրաւորական է իսլամներուն համար:

Յատկանշական է, որ անգլիացի երկրպագուներուն այսօրուայ Անգլիա-ԱՄՆ խաղէն առաջ եւս արգիլուած է մարզադաշտ գալ խաչակիրներու հանդերձանքով:

ՖԻՖԱ-ն եւ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարող խումբերը կ'ըսեն, որ խաչակիրներու կերպարանք յագնիլը արաբական այնպիսի երկրի մէջ, ինչպիսին Քաթարն է, կրնայ վիրաւորական համարուիլ՝ հաշուի առնելով պատմական պարունակը:

Տոհայի որոշ բնակիչներ, ըստ երեւոյթին, վրդովուած են հանդերձանքի ընտրութիւնէն, հաշուի առնելով, որ 1095-1291 թուականներու կրօնական պատերազմներու ժամանակ խաչակիրները կը ցանկանային վերահսկողութեան տակ առնել Մերձաւոր Արեւելքի հողերն եւ սրբավայրերը: