Հինգշաբթի առաւօտեան նաւթի համաշխարհային գիները աճած են, քանի որ ներդրողները լաւատեսօրէն տրամադրուած են տնտեսութեան նկատմամբ՝ օմիքրոն «Քորոնա» ժահրի լարման հետ կապուած մտահոգութիւններու թուլացումէն յետոյ, վկայած են աճուրդներու տուեալները:
Brent տեսակի նաւթի փետրուարեան գինը աճած է 0.71 տոկոսով՝ հասնելով 76.35 տոլարի՝ տակառի դիմաց, WTI տեսակի յունուարեան գինը՝ 0.93 տոկոսով՝ մինչեւ 73.02 տոլար։