Քանզի միայն ան իմս էր... Սուրիահայ Սրբուհի մայրիկի յիշատակին
Աւելի վաղ «Արեւելք» գրած էր, Երեւանի մէջ. մահացած է Սուրիահայ մայրիկ՝ Սրբուհի Գալայճեան-Թիւրպէնտեանի մահուան մասին. Օրերս վերահասու դարձանք, որ հանգուցեալի երիցագոյն դուստրը՝ Նորա Թիւրպենտեան-Գաբոյեան իր սիրեցեալ մայրիկի յիշատակին ստորագրած է գողտրիկ սրտի խօսք՝ բանաստեղծութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Մայրս չքնաղ գեղեցկուհի՝ աշխարհի շատ մայրերու պէս,
Մայրս տոկուն ծառ կաղնիի՝ մայրիներու անտառին մէջ,
Մայրս անդուլ բանող մեղու՝ Հայ աշխարհի պարսերուն հետ,
Մայրս մտքի դարբնոց պայծառ՝ խոհուն կանանց փաղանգին մէջ:
Մայրս խրոխտ վեհ Փառանձեմ, ցեղիս տիկնանց շառավիղէն,
Սիրոյ ծնունդ՝ ջինջ կաթնաղբիւր, ջրվէժներու արգանդներէն,
Մայրս հաւատք՝ կեանքը զինող, քաջ էգերու հին տաճարէն,
Մայրս զմուռս յաւերժաբոյր, սրբութեան ծով մայրերու մէջ:
Մոլոր հոգւոյս փարոս անքուն, ցրտած սրտիս տաք թոնրատուն,
երազներուս թեւեր կարող ու ցաւերուս «ախ»ը խեղդող:
Մայրս նման բիւր մայրերու, խաղաղ նինջիս բարձ երկնատու,
լոյսի ստուեր, յոյսի աղօթք, իմ սոսկ կեանքին կեանք պարգեւող:
Բայց թէ մայրս մէկ հատիկ էր, երկնի վառուող արեւին պէս,
քանզի միայն ես իրն էի, քանզի միայն ան իմս էր:
Նորա Թիւրպենտեան-Գաբոյեան