image

Քամի Ղազարեանի ծնունդը

 Քամի Ղազարեանի ծնունդը

Ուրախութիւն կը տիրէ Պէյրութի մէջ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցող Պատ. Ժիրայր Ղազարեանի տան մէջ։

Պատուելին եւ Տիկինը ՝  Հուրի (Ծն. Հաճընլեան)  բախտաւորուած են  աղջիկ  զաւակով մը՝ Քամի։

 Նշենք, որ Քամի երկրորդ զաւակն է Ղազարեաններու ընտանիքին, եւ անոր աւագ եղբայրը՝ Արէն ծնած էր 2017 թուականին։

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Քեսապ հայաւանին մէջ հոգեւոր ծառայութիւն մատուցած  Պատ. Ժիրայր Ղազարեանը ներկայիս կը ծառայէ Պէյրութի մէջ եւ ան հոգեւոր հովիւն է  Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցիին։

 

 Մեր խնդակցութիւնները։