Լոս Անճելըսի մէջ յունուար 7-էն մոլեգնող հրդեհներու հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 11-ի: Սակայն, ըստ տեղական իշխանութեան, տուժածներու ճշգրիտ թիւը բարդ է գիտնալ, քանի դեռ համապատասխան մարմինները չեն կրցած ուսումնասիրել հրդեհէն տուժած բոլոր տարածքները:
Ամերիկեան լրատուամիջոցներու տուեալով՝ կրակը դեռ չի յաջողուիր մարել, զօրաւոր քամիները եւ չոր եղանակը կը բարդացնեն հրդեհաշիջման աշխատանքը:
Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ տարհանուած են, հազարաւոր տուներ եւ ձեռնարկութիւններ՝ ոչնչացուած: Նահանգին միլիառաւոր տոլարներու վնաս հասցուած է:
ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն Քալիֆորնիոյ անտառային հրդեհներն անուանած է ամենակործանարարը նահանգի պատմութեան մէջ: