image
Հրատապ լուրեր:

Պորելէն կարեւոր խօսք. Աղտամի ճանապարհը չի կրնար փոխարինել Լաչինի միջանցքը

Պորելէն կարեւոր խօսք. Աղտամի ճանապարհը չի կրնար փոխարինել Լաչինի միջանցքը

Եւրոպական միութիւնը խորապէս մտահոգուած է նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ տեղի բնակչութեան վրայ ազդող լուրջ մարդասիրական իրավիճակով։ Լաչինի միջանցքով երթեւեկութիւնը աւելի քան եօթ ամիս կը խոչընդոտուի՝ հակառակ այն վերաբանալու մասին Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներուն: Այս մասին յայտարարած է ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելը:

«Դեղորայքն ու առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու պակաս կայ կամ ատոնք արդէն սպառած են, որ սարսափելի հետեւանքներ ունի տեղի բնակչութեան համար:

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պարտաւոր են երաշխաւորել Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի անվտանգութիւնն ու ազատութիւնը եւ թոյլ չտալ ճգնաժամի հետագայ սրում։

Մենք ի գիտութիւն ընդունած ենք նաեւ Աղտամ քաղաքով ապրանքներու մատակարարման՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու յայտնած պատրաստակամութիւնը։ Սա պէտք չէ դիտարկուի որպէս Լաչինի միջանցքի բացման այլընտրանք։

ԵՄ-ն նաեւ շեշտած է, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գործունէութիւնը տարածաշրջանի մէջ լրջօրէն տուժած է, եւ ատոր ամբողջական վերսկսման կոչ կ'ընէ՝ ներառեալ բժշկական տարհանումը եւ մարդասիրական օգնութեան առաքումը: ԵՄ-ն ընդգծած է, որ մարդասիրական մուտքրը կողմերէն ոչ մէկու կողմէ պէտք է քաղաքականացուին։

Եւրոմիութիւնը եւ, մասնաւորապէս, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելը աշխուժօրէն ներգրաւուած եղած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի աջակցման, ինչպէս նաեւ Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան խթանման գործին։ Այդ նաեւ կը պահանջէ բոլոր կողմերու անկեղծ հաւատարմութիւնը բանակցութիւններու արդիւնքներուն եւ ապագային՝ հիմնուած ընդհանուր շահերու եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ: