image

Պոլսոյ մէջ. Տատեան վարժարանը նշած է «Մայրենի լեզուի օր»ը

Պոլսոյ մէջ. Տատեան վարժարանը նշած է «Մայրենի լեզուի օր»ը

Ինչքան ալ մեզմէ շատերուն զարմանալի թուայ, պոլսոյ մէջ տեղի հայկական համայնքի անդամները կը շարունակեն հայկական մշակոյթն ու աւանդոյթները վառ պահելու բարձր առաքելութիւնը։

Այս առումով ալ օրերս Պոլսոյ հնագոյն վարժարաններէն մին՝ Տատեան վարժարանը նշած է «Մայրենի լեզուի օր»ը։

Առիթին մասին գրած է Պոլսոյ մեր գործընկեր ՝«Ժամանակ»ը, ուրկէ ալ կը կարդանք՝ 

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր խանդավառ հանդէսով մը նշուեցաւ Մայրենի լեզուի համաշխարհային օրը։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ կեանքի կոչուեցաւ յայտագիրը, որու ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ հայերէնի ուսուցչուհի Լեռնա Գարագիւթիւք։ Տնօրէնուհի Երանուհի Պալճըի գլխաւորութեամբ ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ ծնողներ եւ այլ հիւրեր եւս հետեւեցան ծրագրին։

Տղաքը յայտագրի զանազան բաժիններուն մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնած էին՝ մինչ ուսուցչուհիներէն Թաթիանա Պոստանն ալ այս յատկանշական օրուան առթիւ հանդէս եկաւ կատարումներով։

Հանդէսի տեւողութեան օրուան իմաստին անդրադարձաւ նաեւ Երանուհի Պալճըն, որ իր սրտի խօսքին մէջ բոլորին շնորհաւորութիւններ յղեց Մայրենի լեզուի համաշխարհային օրուան առթիւ։