Տարբեր առիթներով «Արեւելք» գրած է պոլսահայ յայտնի մեներգչուհի՝ Մարալ Այվազին մասին, անոր տաղանդին եւ գեղեցիկ ձայնին մասին։
Օրերս, «Ամէտ-ՍուրՖէսթ» անունով փառատօնի շրջածիրէն ներս Մարալ Այվազ փայլուն ելոյթ մը ունեցած է Տիարպէքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն, որ մասնաւորապէս գրած է՝
Գրած էինք արդէն որ մեր շնորհալի երգչուհիներէն Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճու շաբաթավերջին հանդէս պիտի գար Տիյարպաքըրի (Տիգրանակերտ—) Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ։
Համերգը տեղի ունեցաւ երէկ իրիկուն, Կանանց մշակոյթի, արուեստի, գրականութեան միութեան (Քասէտ) նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ՝ «Ամէտ ՍուրՖէսթ» փառատօնի ծիրէն ներս։
Եկեղեցին բաւական լեցուն էր, նստարանները ամբողջովին լեցուած էին, նաեւ բազմաթիւ ունկնդիրներ ոտքի կանգնած հետեւեցան ելոյթներուն։
Բացման խօսքը արտասանեց «Քասէտ»ի պատասխանատուներէն Սալիհա Այաթա։ Երաժշտական յայտագիրը կը բաղկանար երկու բաժինէ։ Առաջին մասին մէջ հանդէս եկաւ քիւրտ երգչուհի Միզկին Թուրան, որուն նուագակցեցաւ չորս երաժիշտներէ բաղկացեալ խումբ մը։ Միզկին հրամցուց քրտերէն երգերու փունջ մը։
Յետոյ բեմը յանձնուեցաւ Մարալին ու իր նուագախումբին, որու անդամներն էին Արի Հերկել՝ կիթառ, Սեւան Ինեափան՝ քանոն, Էօզճան Կիւլ՝ տուտուկ եւ Սեւան Կարապետօղլու՝ տհոլ։ Մարալ ողջունելով ժողովուրդը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց կազմակերպիչներուն՝ հրաւէրի համար։ Մեր գեղաձայն երգչուհիի ելոյթը տեւեց մօտաւորապէս ժամ մը։ Ան երգեց հայկական ժողովրդական երգեր։ Ամէն մէկ երգէ առաջ, հակիրճ բացատրութիւններ տուաւ երգերու յօրինողներու կամ իմաստի մասին։
Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին զինքը, շատ մը երգերուն բաւական ուրախ եւ հաճոյքով ընկերացան անոր։ Մարալ հայերէն երկու երգերու ընթացքին անակնկալ կերպով քրտերէն բառերով երգեց զանոնք, արժանանալով գնահատանքի ու ոգեւորիչ ծափերու։
Համերգի աւարտին ներկաներէն շատեր շրջապատեցին Մարալը, շնորհաւորեցին զայն, փափաք յայտնեցին մօտիկ ապագային կրկին հանդիպում մը ունենալու անոր հետ եւ ունկնդրելու իր ձայնը։
Դիտել տանք որ «Քասէտ»ի նպատակն է աջակցիլ մշակութային համագործակցութեան, մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ գոյատեւման ջանքերուն։
Կը շնորհաւորենք մեր սիրելի Մարալը որ արուեստի ճամբով սիրտեր կը միացնէ ու կ'ապրեցնէ հայ երգը։