ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն քննարկած են ռուս-ուքրանական սահմանին տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Սեւ ծովի տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնը։ Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ Պետական քարտուղարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Նետ Փրայսը:
Ինչպէս կ'ըսուի անոր տարածած գրաւոր յայտարարութեան մէջ, Պլինքընն ու Չաւուշօղլուն քննարկած են Եթովպիոյ ճգնաժամը եւ Սեւծովեան տարածաշրջանին մէջ կայունութեան պահպանման ուղղուած համատեղ ջանքերը։ «Անոնք նաեւ քննարկած են Ուքրանիոյ դէմ Ռուսաստանի յարձակումը եւ իրավիճակը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ Աֆղանստանի մէջ», կ'ըսուի յայտարարութեան մէջ։