Հալէպի մէջ շուտով ընթացք պիտի առնէ Հալէպի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ «Գանձասար»էն։
Յիշեցնենք, որ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցին ծանր վնասներու ենթարկուած էր Սուրիա գրոհած եւ Հալէպի հայկական թաղամասերուն մօտեցած ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ կատարուած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով։
Ստորեւ կը ներկայացնենք «Գանձասար»ի կողմէ կատարուած լրատւութիւնը։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի գլխաւորութեամբ, Ազգ. Վարչութեան հետապնդումով եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի նուիրատուութեամբ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացք պիտի առնէ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն զինեալ ահաբեկիչներու կողմէ հրկիզուած Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքները:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընկերակցութեամբ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ տիար Ճորճ Շահինեանի, Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի եւ Կալուածոց Հոգաբարձութեան ատենապետ տիար Կարպիս Մարաշլեանի այցելեց Ս. Գէորգ եկեղեցի, մօտէն հետաքրքրուեցաւ յառաջիկայ շրջանին կատարուելիք նորոգութեան հանգրուաններուն, գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ վերանորոգութեան ծրագիրին մասին եւ այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդին եւ նուիրատուներուն, որոնք ստանձնեցին հրոյ ճարակ դարձած Ս. Գէորգ պատմական եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը։
Յիշենք, որ Ս. Գէորգ զօրավարի եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Ուրբաթ 24 Սեպտեմբեր 2021-ին, յետմիջօրէին ժամը 5:00-ին, երեկոյեան ժամերգութիւն պիտի կատարուի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։