Ղազախստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակի լոյսին տակ, ուր կը գտնուին քրիքթոարժոյթներու մայնինկի համաշխարհային հզօրութիւններու 18 տոկոսը, պիթքոյնի գինը նուազած է մինչեւ 44.15 հազար տոլար։
Ցերեկը պիթքոյնը կը վաճաուէր 46.99 հազար տոլարով, իսկ երեկոյեան սկսած է անկում ապրիլ:
Քրիփթոարժոյթներու մայնինկի համաշխարհային հզօրութիւններու մօտ 18 տոկոսը կեդրոնացած է Ղազախստանի մէջ։ Քրիփթոարժոյթներու մայնինկի համար նախատեսուած գրեթէ 90 հազար համակարգիչ այդ երկիր տեղափոխուած է Չինաստանէն, քանի որ Քրիփթոարժոյթներու հետ որեւէ գործունէութիւն Չինաստնաի մէջ անօրինական ճանչցուած է:
Ղազախստանի մէջ ցոյցերն ու ջարդերը աշխարհի մէջ պիթքոյնի մայնինկի 12 տոկոս կրճատման յանգեցուցած են:
Աւելի վաղ Քրիփթոարժոյթի կտրուկ անկման պատճառը «Քովիտ»ի նոր տարբերակի մասին լուրերն էին։ Պիթքոյնը Նոյեմբեր 27-ին հասաւ եօթը շաբաթուայ նուազագոյնին եւ պաշտօնապէս մտաւ «արջի շուկայի» տարածք: