ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ բանաձեւի նախագիծ յառաջ քաշած են, որով կոչ կը կարարուի չճանչնալ Վլատիմիր Փութինը որպէս երկրի ղեկավար, եթէ վերջինս նոր ժամկէտով առաջադրուի 2024 թուականի ընտրութիւններուն:
Բանաձեւի հեղինակներ Սթիվ Քոհընը եւ Ճօ Ուիլսընը կը գրեն, որ Փութինը իշխանութեան գլխուն կը գտնուի ընտրութիւններուն կատարուող խախտումներու շնորհիւ, իսկ հետագային անոր գտնուիլը պաշտօնին անօրինական է: Վերջիններս օրէնքի եւ Ռուսաստանի միջազգային պարտաւորուածութիւններու խախտում անուանած նաեւ 2020 թուականին կատարուած սահմանադրական փոփոխութիւնները:
«Նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ ներկայիս ժամկէտի աւարտէն յետոյ պաշտօնին մնալու որեւէ փորձ 2024 թուականի Մայիս 7-էն յետոյ պէտք է յանգեցնէ ԱՄՆ-ի կողմէ չճանաչման», կ'ըսուի բանաձեւի նախագիծին մէջ:
Համառուսական հանրաքուի արդիւնքով ՌԴ Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարուած են 2020 թուականին: Փոփոխութիւններու հիման վրայ Վլատիմիր Փութինը այնուհետեւ օրէնք ստորագրած է, որն իրեն իրաւունք կու տայ եւս երկու անգամ առաջադրուիլ երկրի ղեկավարի պաշտօնին: