Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մարտահրաւէր նետած է Արեւմուտքին՝ հրաւիրելով չինական եւ հնդկական բանակները «Վոստոկ-2022» զօրավարժութիւններուն, գրած է Bloomberg-ը։
«Այսպիսով, ան կը հակազդէ Ուքրանիոյ հակամարտութեան պատճառով Մոսկուան մեկուսացնելու ԱՄՆ-ի եւ անոր դաշնակիցներու փորձերուն»,-ըսուած է հրապարակման մէջ։
Նոյնիսկ այն պարագային, երբ ԱՄՆ կը սիրաշահի Հնդկաստանը որպէս պաշտպանական գործընկեր եւ կը յորդորէ անոր չխաթարել Ռուսիոյ դէմ միջազգային պատժամիջոցները ուքրանական պատերազմի պատճառով, Նիւ Տելհիի կառավարութիւնը Ռուսիոյ զօրավարժութիւններուն պիտի ուղարկէ 75 հոգիէ բաղկացած փոքր ռազմական ջոկատ:
Յօդուածին մէջ նշուած է, որ Հնդկաստանը ուքրանական ճգնաժամի հարցով կողմ չէ բռնած՝ հակառակ Արեւմուտքի ճնշումներուն։ Ըստ հեղինակներու՝ այդ պայմանաւորուած է Մոսկուայի եւ Նիւ Տելհիի սերտ գործընկերութեամբ։
Ինչ կը վերաբերի Չինաստանին, ապա այդ երկրի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ բանակը, օդային եւ ռազմածովային ուժերը մպիտի ասնակցին զօրավարժութիւններուն, որոնց նպատակն է զօրացնել ռազմական համակարգումը:
Չինաստանի Քոմունիստական կուսակցութեան կողմէ աջակցուող Global Times-ը յայտնած է, որ այս տարի զօրավարժութիւնները պիտի կեդրոնանան հնարաւոր սպառնալիքներու վրայ, յատկապէս ԱՄՆ-էն Խաղաղովկիանոսեան տարածաշրջանին մէջ:
Չինաստան հրաժարած է քննադատելէ Ռուսիան՝ Ուքրանիա ներխուժման համար եւ դատապարտած է Մոսկուայի դէմ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի պատժամիջոցները:
Չինաստանի դերը զօրավարժութիւններուն մէջ «չի կրնար դիտուիլ որպէս աջակցութիւն» Ռուսիոյ հակամարտութեան հարցով, ըսած է Մոսկուայի Տնտեսագիտութեան բարձրագոյն դպրոցի ռուս ռազմական փորձագէտ Վասիլի Քաշինը:
«Այն պարզապէս ցոյց կու տայ մեզի, որ բանակ-ռազմական կապերը կը շարունակուին սովորականի պէս»,-ըսած է ան:
«Վոստոկ-2022» ռազմավարական զօրավարժութիւնները պիտի կայանան սեպտեմբեր 1-էն 7-ը Արեւելեան ռազմական շրջանի եօթ փոլիկոններուն մէջ. պիտի օգտագործուի աւելի քան 50 հազար մարդ, աւելի քան հինգ հազար միաւոր զէնք եւ ռազմական տեխնիկա, այդ շարքին՝ 140 օդանաւ, 60 ռազմանաւ:
Համատեղ գործողութիւններ պիտի մշակուին ՀԱՊԿ-ի, ՇՀԿ-ի եւ այլ գործընկեր պետութիւններու վերահսկողութեան խումբերու, ռազմական զօրակազմի եւ դիտորդներու կողմէ: