Ռուսիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները համաձայնութեան հասած են մօտակայ օրերուն նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հանդիպում կազմակերպելու հարցով։ Գագաթնաժողովի շուրջ ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին, լրագրողներուն հաղորդած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը։ Փութինի եւ Թրամփի հանդիպման վայրը եւս արդէն համաձայնեցուած է ու պիտի յայտարարուի աւելի ուշ։
«Ամերիկեան կողմի առաջարկով՝ սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացած է մօտ օրերուն ամենաբարձր մակարդակով երկկողմ հանդիպում մը կազմակերպելու՝ այսինքն՝ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հանդիպում։ Այժմ մեր ամերիկացի գործընկերներուն հետ կը սկսինք գործնական աշխատանք»,– աւելցուցած է Ուշաքովը։
Ան նաեւ ընդգծած է, որ Թրամփի յատուկ բանագնաց Սթիւըն Ուիթքոֆ Քրեմլի մէջ բարձրացուցած է Փութինի, Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի միջեւ եռակողմ հանդիպումի գաղափարը, սակայն Մոսկուան զայն թողած է առանց մեկնաբանութեան։