image

Փութին- Ալիեւ Քննարկում. Թեման սահմանի օրակարգն է

Փութին- Ալիեւ Քննարկում. Թեման սահմանի օրակարգն է

Քրեմլի մէջ յոյս յայտնած են, որ ՀԱՊԿ խումբը հայ-ատրպէյճանական սահման պիտի ժամանէ այս շաբաթ, այդ թեման պիտի քննարկուի Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման, լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն։

«Այս շաբաթ մենք յոյսով ենք, որ (ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ) Զասի գլխաւորած տեսչական խումբը, այնուամենայնիւ, պիտի ժամանէ սահման, որպէսզի այնուհետեւ պատրաստէ իր զեկոյցը ՀԱՊԿ պետութիւններու ղեկավարներու համար։ Իսկ վաղը հանդիպում պիտի ըլլայ նախագահ (Ատրպէյճան Իլհամ) Ալիեւի հետ, ուր, ի հարկէ, այդ եւս պիտի ըլլայ օրակարգի առաջին տեղը»,- ըսած է ան լրագրողներուն։