Առնուազն 15 մարդ զոհուած է, յարձակողը սպանուած է Փրակայի Չարլզի համալսարանի շէնքերէն մէկուն մէջ հրաձգութեան հետեւանքով:
Այս մասին BBC-ի հաղորդմամբ յայտնած են Չեխիոյ արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւնները:
Վիրաւորուած է մօտ 3 տասնեակ մարդ։
Առնուազն 9 մարդ ծանր վնասուածքներ ստացած է, 5՝ միջին ծանրութեան, մինչեւ 10-ը՝ թեթեւ վնասուածքներ:
Յիշեցնենք, որ Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ ցնցիչ ահաբեկչութիւն մը տեղի ունեցած է։ Անծանօթ յանցագործ մը կրակ բացած է Փրակայի «Քառլի» համալսարանին մէջ՝ սպաննելով 10 անձ։
Դէպքին դրդապատճառները տակաւին յայտնի չեն, իսկ ահաբեկիչը վնասազերծուած է։