image

Փաշինեան խօսած է Երեւանէն դուրս հիմնադրուելիք համալսարաններու մասին

Փաշինեան խօսած է Երեւանէն դուրս հիմնադրուելիք համալսարաններու  մասին

Կառավարութիւնը կողմնորոշուած է ակադեմիական քաղաքի տեղի հարցով. այն պիտի կառուցուի Արագածոտնի մարզ` Աշտարակ քաղաքին մէջ։ Այս մասին յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Միաւորուող եւ նորացուող բուհերը ժամանակի ընթացքում կը տեղափոխուեն ակադեմիական քաղաք։ Բարձրագոյն կրթութեան ոլորտը բարեփոխումների կարիք ունի։ Ընդունելութեան քննութիւնների խայտառակ վիճակագրութիւնը պէտք է ուժեղ ազդակ դառնայ սրա համար»,–ըսած է Փաշինեան։

Վարչապետի խօսքով` մտադիր են բուհերու խոշորացման երթալ, որու հետեւանքով 8 պետական բուհ պիտի ըլլայ։ Անոնք, ըստ Փաշինեանի, լիարժէք պետական ֆինանսաւորմամբ պիտի համապատասխանեցուին միջազգային չափանիշներուն։