Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը կը տեղեկացնէ․ «Փարիզի Քաղաքային խորհուրդը ընդունեց կարեւոր որոշում՝ հերթական անգամ արձանագրելով Փարիզի եւ Հայաստանի միջեւ անխախտ բարեկամութիւնը եւ հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու ամրութիւնը։
Քաղաքային խորհուրդի միաձայն որոշմամբ Փարիզի սրտին մէջ գտնուող հատուածներէն մէկը՝ Ալմայի եւ Էնվալիտներու կամուրջներուն միջեւ ինկած եւ Սենա գետին յարող ընդարձակ տարածքը, անուանակոչուեցաւ Հայաստանի անունով՝ ստանալով Հայաստանի հարթակ հնչեղ անուանումը («Esplanade d'Arménie»)։
Հայաստանի հարթակը պիտի ընդգրկուի Փարիզի հասցէներու պաշտօնական արձանագրութիւններուն մէջ եւ իր ընդարձակ տարածքին մէջ պիտի ներառէ նաեւ 2004-ին բացուած Կոմիտաս Վարդապետին արձանը եւ 2009-ին բացուած Երեւանի այգին։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Փարիզի Քաղաքային խորհուրդին՝ քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի գլխաւորութեամբ, այս կարեւոր նախաձեռնութեան ու ընդունուած որոշման համար, ինչպէս նաեւ փոխքաղաքապետ Առնօ Նկաչային՝ որոշման նախագիծը հեղինակելու համար։
Փարիզի խորհուրդի այս խորհրդանշական նիստին հրաւիրուած էր ներկայ գտնուելու նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը»։