image

Փարիզի մէջ. Պատուելի Սամուէլ Սահակեանի կորուստը

Փարիզի մէջ. Պատուելի Սամուէլ Սահակեանի կորուստը

Օրերս Փարիզի մէջ ի տէր հանգած է Ֆրանսայի հայ հոգեւորականաց դասու անդամներէն՝ Պատուելի Սամուէլ Սահակեանը։ 

Ատոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ»էն։

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը։

 

Խոր ցաւով իմացանք պատուելի Սամուէլ Սահակեանի մահուան բօթը։ Ան կարևոր ներդրում ունեցած է ֆրանքեւհայկական բարեկամութեան ամրապնդման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներուն մէջ։ Պատուելիին ջանքերով հիմնուած է SPFA (Solidarité Protestante France-Arménie) կազմակերպութիւնը։

 

2024 Յունուար 17-ին, իր մարդասիրական երկարամեայ անխոնջ գործունէութեան համար Հայաստանի նախագահին հրամանագրով անոր շնորհուեցաւ «Բարեկամութեան շքանշան» պետական բարձր պարգեւը։