image

Փարիզի մէջ. Միսաք Մանուշեան դարձեալ յիշատակուեցաւ

Փարիզի մէջ. Միսաք Մանուշեան դարձեալ յիշատակուեցաւ

Փարիզի մէջ, եւ հայ մեծ հերոս Միսաք Մանուշեանի աճիւններուն Ֆրանսայի պատուոյ պանթէոն տեղափոխուելէն ճիշդ տարի մը անց տեղի ունեցած է ոգեկոչման արարողութիւն։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզահայ Հնչակեան գործիչ՝ Տիար Սարօ Մարտիրեանէն։

Ստորեւ ֆրանսերէնէ թարգմանելով մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք խմբագրութեանս ուղարկուած գրութիւնը։

Միսաք Մանուշեանի եւ իր տիկնոջ Մէլինէի պանթէոնականացումէն մէկ տարի ետք, Ալֆորվիլի քաղաքապետ՝ Լիւք Գարվունայի, Վալ-տը-Մառնի երեսփոխան՝ Իզապէլ Սանթիակոյի, ծերակուտական Աքլի Մէլուլիի, Փարիզի ՍԴՀԿ պատասխանատուներէն Սարօ Մարտիրեանի, ինչպէս նաեւ պաշտօնական հիւրերու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ ազգային խորհրդանիշ՝ Միսաք Մանուշեանի եւ իր ընկերներուն ոգեկոչումը։

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի որոշումով, Բ. աշխարհամարտի Ֆրանսական Դիմադրութեան շարժման հերոսներէն Միսաք Մանուշեանի աճիւնը 21 Փետրուար 2024 -ին d’Ivry-sur-Seine-ի գերեզմանատունէն տեղափոխուեցաւ ու վերամփոփուեցաւ Փարիզի պանթէոնին մէջ: Ֆրանսացիք այս արարքը կը կոչեն «պանթէոնականացում», որուն կ’արժանանան ֆրանսացի մեծերը: Փարիզի պանթէոնին մէջ կը հանգչին Պոտլէրի, Վիքթոր Հիւկոյի, Ժան-Ժաք Ռուսոյի, Էմիլ Զոլայի եւ Մարի Քիւրիի նման մեծեր: 

Հայ բանաստեղծ, ֆրանսական դիմադրութեան շարժման մարտիկ, համայնավար կուսակցութեան անդամ եւ Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեան առաջին գաղթական, առաջին հայ եւ առաջին համայնավար ֆրանսացին է, որ արժանացաւ նման պատիւի, եւ անոր պանթէոնականացումը՝ պատմական նոր էջ մը բացաւ Ֆրանսայի հայութեան համար: