image

Փարիզի Աստուածամօր տաճարի ամրապնդումը աւարտին հասած է

Փարիզի Աստուածամօր տաճարի ամրապնդումը  աւարտին  հասած է

Փարիզի Աստուածամօր տաճարի ամրապնդման եւ անվտանգութեան ապահովման աշխատանքները աւարտած են, իսկ վերանորոգման աշխատանքները կը մեկնարկեն ձմրան: 

Աշխատանքի այս փուլին տեղադրուած են փայտէ շրջանակներ եւ տեղի ունեցած է կապարով աղտոտուած տարածքի մաքրում:

Յիշեցնենք, որ Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ խոշոր հրդեհ բռնկուած էր 15 Ապրիլ 2019-ին: Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն յայտարարած էր տաճարը 5 տարուան մէջ վերականգնելու յաւակնոտ նպատակին մասին, սակայն շատ փորձագէտներ նշած են, որ վերականգնումը կրնայ տեւել 10-15 տարի: