image
Հրատապ լուրեր:

Փարաքարցիք բողոքի հաւաք ըրին

Փարաքարցիք  բողոքի հաւաք ըրին

Փարաքար համայնքի բնակիչներուն 60 տոկոսը միացած է արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու պահանջով ստորգրահաւաքին։ Այս մասին կառավարութեան դիմաց բողոքի շարժումի ժամանակ տեղեկացուցին համայնքի բնակիչները։ Անոնք կը պահանջեն, որ կառավարությունը պատասախանէ «Ապրելու երկիր» խմբակցութեան 3 Յունուարին կառավարութեան ներկայացուցած պահանջին՝ արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու հետ կապուած։

Բողոքի շարժման մասանակիցները կը վկայկոչէին ՏԻՄ օրէնքը, ըստ որու՝ եթէ երկշաբաթեայ ընթացքին համայնքի ղեկավար չ'ընտրուի, ապա կառավարութիւնը կը նշանակէ արտահերթ ընտրութիւններ եւ կը յիշեցնէին, թե ինչպիսի խախատումներով համայնքի ղեկավար ընտրուած է։

Բողոքի շարժումին կը մասանակցէր նաեւ «Ապրելու երկիր» խմբակցութեան կողմէ համայնքի ղեկավարի թեկնածու Վոլոտիա Գրիգորեանը, որ լրագրողներու հետ զրոյցին պարազաբանեց, թէ ինչու յայտարարած էր, որ աւագանիի մանտաթները վայր կը դնեն։

«Մանտաթները վայր դնելու հետ կապուած յայտարարութիւնը եղած է անոր համար, որ բախումներ չլինեն․ մեզ ընտրած քաղաքացիները եւ չընտրողները հաւաքուած են եղել մի վայրում, որտեղ կարող էր տհաճ իրավիճակ լինէր, ես այդ արտայատութիւնը արեցի, որպէսզի համերաշխութեան մթնոլորտ ստեղծուի այդ պահին», ըսաւ ան։

Վոլոտիա Գրիգորեան մանրամասնեց, որ քանի որ դատարան դիմած են աւագանիի մանտաթները վայր դնել չեն կրնար, բացի այդ, համայնքի բնակիչները կ'ակնկալեն, որ արդարութիւնը վերականգնուի։