Առողջական խնդիրներ ունեցող լիբանանահայ պատանի Ալեքսը կը սպասէ մեր օժանադակութիւններուն։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն։
Կը նշուի նաեւ, որ Ալեքս Ուաքիմեան դարմանման փուլ մը պիտի անցնէ, որուն համար պէյրութահայ հայրենակիցներ եւ յատկապէս ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամներ օգնութեան արշաւ մը՝ նուիրահաւաք մը կազմակերպած են։
Այս մասին նոյնպէս գրած է ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս շրջանի մասնաճիւղի դիմատետրեան էջը նշելով ՝
Մեր բարի կամեցողութիւնն ու ազնիւ նուիրաբերումը շա՛տ մեծ նպաստ կրնան բերել եղբ. Ալեքսին որպէսզի կարենայ յաղթահարել հիւանդութեան։
Նուիրատուները կրնան այցելել «Աղբալեան- Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային համալիր, առաջին հարկ` A12 սենեակ եւ կամ կապուիլ՝ 76348112 / 71710244 թիւերուն։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Անթիլիասի մեծ ընտանիքը շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ եղբ. Ալեքս Ուաքիմեանին: