image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութ. Տասնեակ ճանապարհներ կը մնան փակ

Պէյրութ. Տասնեակ ճանապարհներ կը մնան փակ

 Լիբանանի մէջ տասնեակ ճանապարհներ այս պահուն կը մնան փակուած։

 Մինչ երկրին մէջ տնտեսական տագնապը աւելիով կը շարունակէ ծանրանալ, անդին քաղաքացիներ բողոքելու համար ստեղծուած իրավիճակին դէմ փողոց կ՚իջնեն եւ կը փակեն հիմնական ճանապարհներ։ 

 Այս առումով եւ ըստ  RLL  կայանին Պէյրութը երկրի հիւսիսային շրջաններուն կապող ու տարբեր առումներով կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Ճիւնիի մայրուղին կը մնայ փակուած։

 

 Փակուած է նաեւ Տամուրի մայրուղին եւ ապահովական մարմիններ կը փորձեն վերաբանալ այդ ճանապարհները։

 

 

 Յիշեցնենք, որ այս բոլորի կողքին հերթի երկար շարքերը անպակաս են պէնզինի կայարաններուն դիմաց, հակառակ անոր որ պետական մարմիններ առանց նեցուկի սակագին մը հաստատած են օրինականցնելով քսան լիթր պէնզինը  70 հազարի  փոխարէն  133 հազարով վաճառելու մօտեցումը։