image

Պէտք է վարժուինք այս վիճակին. Ռուբէն Վարդանեան

Պէտք է վարժուինք այս վիճակին. Ռուբէն Վարդանեան

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար, արագ արձագանգման (օփերաթիւ) շտաբի պետ՝ Ռուբէն Վարդանեան 17 դեկտմբերին, արագ արձագանգման (օփերաթիւ) շտաբի անդամներու մասնակցութեամբ կատարած է ընդլայնուած խորհրդակցութիւն:

Պետական նախարարը նշած է, որ չնայած կազամատակարարման վերականգնման, Հայաստանը Արցախին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանը կը շարունակէ փակ պահել: «Սա նշանակում է, որ մենք շարունակում ենք գտնուել շրջափակման մէջ ու պէտք է սովորենք այս իրավիճակում առանց խուճապի ապրել։ Դրա համար, չեմ դադարում ասել, մենք պէտք է լինենք առաւելագոյնս կազմակերպուած ու կարգապահ։ Այս առիթը պէտք է օգտագործել հանրային համերաշխութեան, իրար սատար կանգնելու համար: Սա նաեւ լաւ հնարաւորութիւն է, որպէսզի զգանք, թէ ինչ հնարաւորութիւն ունենք համակարգային մօտեցումների ներդրման շնորհիւ  բացթողումները շտկելու համար»,- ընդգծած է Ռուբէն Վարդանեան:

Պետական նախարարը  նշած է, որ անհրաժեշտ է առաւելագոյնս կազմակերպուած գործել եւ հրատապ արձագանգել բնակչութեան առաջնահերթ կարիքներուն:

Քննարկուած է  պարէնային ապրանքներու եւ դեղորայքի  շուկաներուն մէջ ներկայ իրավիճակը։  Պետական նախարարը յանձնարարած է իրաւասու մարմիններուն շարունակել շուկայի  դիտարկումները  եւ  արձագանգել անհիմն գնաճի դրսեւորումներուն։

Ներկայացուած է նաեւ հանրապետութեան մէջ դրամաշրջանառութեան եւ մասնաւորապէս, կանխիկ  գումարի ծաւալի հետ կապուած իրավիճակը։ Այս շրջագիծին մէջ կարեւորած է անկանխիկ գործարքներու աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը։ Պետական նախարարը յանձնարարած է պատասխանատուներուն  հանգամանալից ուսումնասիրել խնդիրը եւ լուծումներ առաջարկել։

Անդրադարձ եղած է նաեւ շրջափակման հետեւանքով վերադառնալ չկարողացող աշխատակիցներու բացակայութեան խնդիրին։ Նշուած է, որ համապատասխան կարգաւորումներ պէտք է կատարուին` իրավիճակով պայմանաւորուած բացակայութիւնները յարգելի համարելու համար։

Խորհրդակցութեան ընթացքին ներկայացուած են նաեւ ելեկտրականութեան մատակարարման ընթացիկ վիճակը եւ համակարգի բնականոն գործունէութեան ուղղուած գործողութիւնները։ Խորհրդակցութեան միւս մասնակիցները եւս զեկուցած են իրենց պատասխանատւութեան ոլորտներուն մէջ տիրող ընթացիկ իրավիճակի մասին։