image

4000 Ամերիկացի զինուոր Քապուլի մէջ

4000 Ամերիկացի զինուոր Քապուլի  մէջ
ԱՄՆ զինուորականներու թիւը Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի մէջ 17 Օգոստոսին պիտի գերազանցէ 4 հազարը:
 
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով ԹԱՍՍ-ը, Քապուլի օդակայանին մէջ ԱՄՆ ուժերը թալեպներու կողմէ սպառնալիքներու չեն ենթարկուած: Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ Փենթակոնի մէջ յայտնած է զօրավար Հենք Թէյլըրը:
 
«Մինչեւ այս օրուան վերջը Քապուլի մէջ աւելի քան 4 հազար զինուորական պիտի ըլլայ»,- նշած է ան:
 
Միաժամանակ, անոր խօսքով, օդակայանէն անցած օրուան ընթացքին 7 ռազմական թռիչք իրականացուած է:
 
«Այդ ինքնաթիռները մօտ 700-800 ուղեւոր տարած են, եւ մենք կրնանք հաստատել, որ անոնցմէ 165-ը ԱՄՆ քաղաքացիներ են»,- աւելցուցած է զօրավարը:
 
Փենթակոնի ներկայացուցիչները յայտնած են, որ ամերիկեան ուժերը Քապուլի օդակայանին մէջ «Թալեպան» ահաբեկչական շարժման գրոհայիններու կողմէ յարձակումներու չեն ենթարկուած, ԱՄՆ-ի զինուորականները անոնց հետ շփումներ կը պահպանեն: