ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն ազգային անվտանգութեան հարցերով ղեկավարութեան յանձնարարած է օգտագործել բոլոր հնարաւոր գործիքները՝ զսպելու համար Ռուսաստանի կողմէ «նախապատրաստուող ներխուժումը Ուքրանիա»:
Ամերիկացի առաջնորդը 2014 թուականի սցենարի կրկնութեան մտավախութիւն ունի, երբ Խրիմի վերադարձը Ռուսաստանի կազմի մէջ, «վատ դրութեան մէջ դրաւ» ԱՄՆ-ն եւ ԵՄ-ն:
«Հաշուարկած ենք բոլոր անհրաժեշտ քայլերը, սակայն մեր տրամադրութեան տակ միայն 4 շաբաթ կայ, որպէսզի իրագործենք զանոնք», մէջբերած է աղբիւրը:
Ճօ Պայտընի շրջապատի բարձրաստիճան պաշտօնեաները կ'ընդգծեն, որ Մոսկուայի դէմ 2014 թուականին սահմանուած պատժամիջոցները ուղղուած էին որոշակի պետական արշաւներու միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ զարգացման:
Մինչդեռ ներկայիս առաջարկուող տարբերակները, ընդհակառակը, պիտի ըլլան ճնշող, անյապաղ եւ զգալի կորուստներու պիտի յանգեցնեն Ռուսաստանի տնտեսութեան եւ ֆինանսական համակարգին համար: