image

Պայտըն. Մենք զօրակից ենք Հայաստանին

Պայտըն. Մենք զօրակից ենք  Հայաստանին

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ անհամբեր կը սպասէ Հայաստանի հետ աշխատելուն։ Այս մասին ըսուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` ՀՀ անկախութեան օրուան առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ուղղուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ։

Ան նշած է, որ Հայաստան ու Միացեալ Նահանգներ կ'աշխատին, որպէսզի հայ–ամերիկեան յարաբերութիւնները հասնին ռազմավարական գործընկերութեան։

«Այս կը խթանէ մեր համագործակցութիւնը ամբողջ ծաւալով՝ սկսեալ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան մեր գործընկերութեան ամրապնդումէն մինչեւ մաքուր ուժանիւթի եւ առեւտուրի զանազանութեան մեր նախաձեռնութիւններու արագացում»,– գրած է Պայտըն:

Անոր խօսքով` ռազմավարական գործընկերութիւնը նաեւ կ'օժանդակէ ժողովրդավարական ուղիին միտուած Հայաստանի շարունակական ջանքերուն՝ քաղաքացիական գործողութիւններու, լաւ կառավարման, օրէնքի գերակայութեան եւ հակափտածութեան միջոցառումներու միջոցով։

«Միացեալ Նահանգները կ'աջակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սեփական ապագան որոշելու իրաւունքին։ Մենք կ'աջակցինք ողջ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու ձեր շարունակական յանձնառութեան: Եւ մենք անհամբեր կը սպասենք ձեր հետ աշխատելու եւ շարունակելու ձեւաւորել ապագայ, ուր իւրաքանչիւրը կրնայ ապրիլ արժանապատուութեամբ եւ անվտանգ»,– եզրափակած է Պայտըն: