image

Պայրամով «կը պահանջէ» ճնշումներ բանեցնել Հայաստանի վրայ

Պայրամով «կը պահանջէ» ճնշումներ բանեցնել Հայաստանի վրայ

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով կոչ ըրած է միջազգային հանրութեան «ճնշում գործադրելու Հայաստանի վրայ», կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Անոր պնդմամբ՝ «Հայաստանն ամբողջութեամբ դուրս չէ բերած իր զինուած ուժերն «Ատրպէյճանի տարածքէն» (նկատի ունի Արցախը), ինչպէս կը պահանջէ 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը:

Ան նաեւ անդրադարձած է այսպէս կոչուած «Զանգեզուր միջանցքին»՝ յայտարարելով, որ «Ատրպէյճանը, եռակողմ յայտարարութեան համապատասխան կէտի համաձայն, գործնական քայլեր կը ձեռնարկէ տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու բացման ուղղութեամբ»։

«Տուեալ դէպքին անհրաժեշտ է կատարել «Զանգեզուրի միջանցքի» բացման պարտաւորութիւնները։ Այդ կրնայ կարեւոր ներդրում դառնալ տարածաշրջանի ողջ ներուժի օգտագործման, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան կառուցման գործընթացին»,- ըսած է Պայրամով։