image
Հրատապ լուրեր:

Պայրամով գոհունակ չէ

Պայրամով գոհունակ  չէ

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ հանդիպման ժամանակ հնչեցուցած է Ատրպէյճանի դիրքորոշումն ու մօտեցումները Հայաստանի հետ համաձայնագրի նախագիծին մէջ բարձրացուած հարցերու վերաբերեալ։

Այս մասին գրած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, նշելով, որ Պայրամով դժգոհութիւն յայտնած է, թէ «Երեւան խաղաղութեան գործընթացը խոչընդոտելու փորձեր կ՛ընէ եւ սադրանքներու կը դիմէ»։

«Կողմերը քննարկած են հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան գործընթացը, բանակցութիւններու հեռանկարը», յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ աւելցնելով. «Նշուեցաւ, որ խաղաղութեան գործընթացի յաջող աւարտին համար անհրաժեշտ է զերծ մնալ սադրիչ քայլերէ, դուրս բերել հայկական զինուած ուժերը ատրպէյճանական տարածքներէն, յարգել Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը թէ՛ խօսքով, թէ՛ գործով»: