image

Պաթումի մէջ. Թուրքիայէն խոյս տուած յայտնի գործարարը ձերբակալուած է

Պաթումի մէջ. Թուրքիայէն խոյս  տուած   յայտնի գործարարը ձերբակալուած է

Վրաստանի իշխանութիւնները Պաթումի մէջ իրականացուած խուզարկութիւններէն յետոյ ձերբակալած են փախուստի դիմած թուրք գործարար Ղալիպ Օզթիւրքը` թմրանիւթ գնելու եւ պահելու մեղադրանքով:

Թուրքիոյ միջքաղաքային փոխադրակառքերու առաջատար ընկերութիւններէն մէկուն` Metro Turizm-ի սեփականատէր եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի աջակից Օզթիւրքը կալանաւորուած է «թմրամիջոցներու ապօրինի գնման եւ պահման» մեղադրանքով:

Օզթիւրքը ձերբակալուած է, երբ անոր տան մէջ 7,2 քիլոկրամ քոքային յայտնաբերուած է:

57-ամեայ գործարարը փախած է հարեւան Վրաստան, երբ 2018 թուականին Վերաքննիչ դատարանը ուժի մէջ թողած է անոր ցմահ բանտարկութեան դատավճիռը` 1996 թուականին կատարած սպանութեան գործով:

Փախուստի դիմած միլիոնատէրը երկար տարիներ յայտնուած է թերթերու վերնագրերին` Էրտողանին իր չափազանց հրապարակային աջակցութեան համար, նոյնիսկ երբ փախուստի մէջ էր Վրաստանի մէջ:

2016 թուականին Bloomberg-ին տուած հարցազրոյցին մէջ Օզթիւրքը դատապարտած է ստեղծած թրքական ընկերութիւնները` զանոնք անուանելով «սպիտակ թուրքեր, որոնք միայն կրնան կանխիկ գումար փոխանցել արտասահման»: Գործարարը նաեւ գովաբանած է Էրտողանը` որպէս «օսմանեան 1000-ամեայ պատմութեան մեծագոյն առաջնորդ»:

Օզթիւրքը 2018 թուականին յանցաւոր խմբաւորում ստեղծելու եւ ղեկավարելու մեղադրանքով դատապարտուած է գրեթէ ութ տարուան բանտարկութիւն, սակայն բողոքարկումէն յետոյ մնացած է ազատութեան մէջ: