image

Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս քննարկուած են հայ-ֆրանսական համագործակցութեան հարցեր

Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս քննարկուած են հայ-ֆրանսական համագործակցութեան հարցեր

Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ապրիլ 30-ին ընդունած է Ֆրանսայի Սենատի արտաքին յարաբերութիւններու, պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու ու եւրոպական գործերու յանձնաժողովներու անդամ Ռոնան լը Կլիւն։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին:

Ըստ հաղորդագրութեան հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Ֆրանսա երկկողմ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական միութեան հետ համագործակցութեանն առնչուող հարցեր:

«Քննարկուել են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեանն ու ՀՀ զինուած ուժերում ընթացող լայնածաւալ բարեփոխումներին վերաբերող մի շարք հարցեր»,- տեղեկացուցած են պաշտպանական գերատեսչութենէն։