Նախօրէին ձերբակալուած եւ Պաքու տեղափոխուած Արայիկ Յարութիւնեանը, որ նախապէս ծառայած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին, արդէն հարցաքննուած է։
Ինչպէս յայտնած է Trend-ը, այս մասին ըսած է անոր փաստաբան Ալով Սաֆարալիեւը։
«Յարութիւնեանը հարցաքննուած է, միայն կրնամ ըսել, որ անոր տուած ցուցմունքը կ'օգնէ գտնել բազմաթիւ հարցերու պատասխաններ»,- նշած է ան։
Ըստ փաստաբանի՝ Յարութիւնեանի ֆիզիքական եւ հոգեբանական վիճակը «նորմալ է»։
«Ես կը պաշտպանեմ անոր Ատրպէյճանի օրէնքներու, միջազգային համաձայնութիւններու պահանջներու եւ իրաւական բարոյագիտութեան համաձայն։ Մէկ խօսքով, ես բարեխղճօրէն կը կատարեմ իմ մասնագիտական պարտքը»,- աւելցուցած է փաստաբանը։
Նշենք, որ Յարութիւնեանէն բացի ձերբակալուած եւ Պաքու տեղափոխուած են Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը, Արցախի ԱԺ նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը: